Հեղինակը ծնած է Կ. Պոլսոյ արուարձան¬ ներէն Գատըգիւղի մէջ։ Նախակրթարանի ուսու¬ մը ստացած է տեղւոյն Արամեան¬Ունճեան Ազգ. Վարժարանէն, իսկ միջնակարգի ուսումը՝ Սէն Ժօզէֆ ֆրանսական վարժարանէն։ Ընտանեօք գաղթած են Թորոնթօ,Գանատա, ուր աւարտած է իր երկրորդական ուսումը։ 1968¬ին վկայուած է որպէս պսակաւոր գիտութեանց՝ Թորոնթոյի Համալսարանէն։ Ապա հետեւած է բժշկական ճիւղին ու մասնագիտացած ներքին հիւանդութեանց ու սրտաբանական մարզերու մէջ։ Պաշտօնավարած է Թորոնթոյի Սէն Ժօզէֆ եւ Սէն Մայքըլ հիւանդանոցներէն ներս։ Ստացած է օգնական ուսուցչապետի տիտղոս իր շրջանաւարտ եղած համալսարանէն։ Դասախօսած է թէ՛ տեղական եւ թէ միջազգային բեմերու վրայ։ Յօդուածներ հրատարակած է՝ արդիւնք իր հետազօ-տութիւններուն եւ 2007¬ին ալ դասագիրք մը՝ սիրտը քննելու նոր հասկացողութեամբ եւ ֆիզիքական նշաններուն բնախօսա-կան եւ ախտաբնախօսական պատճառներու բացատրութեամբ։
Դպրութեան սկսած է Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ մէջ, եօթ տարեկանին, ապա, իր ծառայութիւնը շարունակած է Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ։ Ուրար կրելու իրաւունք ստացած է Սիօն Արքեպիսկոպոսէն 1960¬ներու վերջերը։ Սարկաւագ ձեռնադրուած է Սէնթ Գաթրինզի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Արիս Եպս. Շիրվանեանի։ Եկեղեցւոյ ծառայութիւնը շարունակած է Ս. Խաչ եւ յետոյ, դարձեալ, Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցիներուն մէջ։ Մաս կազմած է Թորոնթոյի Ս. Խաչ Ազգ. Ամենօրեայ Վարժարանի հաստատման եւ անոր հոգաբարձութեան, որոշ շրջան մըն ալ ատենապետելով այդ կազմին։ Իր հետաքրքիր եւ քննախնդիր բնութիւնը զինք մղած է հետազօտութեան՝ ոչ միայն բժշկական, այլ նաեւ կրօնական գետնի վրայ։